2023 թուականի 23 յունիսէն Ատրպէյճանը պիտի դադրեցնէ Իրանի քաղաքացիներուն մուտքի արտօնագրերու տրամադրումը Ատրպէյճանի միջազգային օդակայաններուն մէջ:
Ինչպէս գրած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատունը։
Հաղորդուած է, որ Իրանի դեսպանատունը խնդրած է իր քաղաքացիներէն Ատրպէյճան այցելելու ցանկութեան պարագային նախապէս «ASAN վիզա» ստանալ առցանց եղանակով կամ դիմել Թաւրիզի մէջ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութիւն վիզա ստանալու համար։