image

Իրանի պատիժները պիտի մեղմացուին. Ռուհանի

Իրանի պատիժները պիտի մեղմացուին. Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին լաւատեսական կանխատեսումներ ըրած է կապուած երկրի տնտեսական բարգաւաճման հետ եւ յայտնած է պատժամիջոցներու աւարտի հեռանկարի մասին՝ անդրադառնալով Վիեննայի մէջ միջուկային ծրագրի հարցով կայացած բանակցութիւններու վերջին փուլի արդիւնքներուն:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Թանսիմ» գործակալութիւնը, այս մասին Ռոհանին խօսած է կիրակի՝ ելոյթ ունենալով վարչակազմի տնտեսական հարցերով համակարգման կեդրոնակայանէն ներս: Վերջինս նշած է, որ «թշնամին ձախողած է իր տնտեսական պատերազմն ընդդէմ Իրանի եւ ընդունած է, որ առաւելագոյն ճնշման քաղաքականութիւնն անօգուտ եղած է»:  

«Տնտեսական պատերազմին մէջ թշնամիի պարտութեամբ եւ պատժամիջոցներու չեղարկման մօտալուտ հեռանկարով՝ հաշուի առնելով վերջին բանակցութիւնները, յոյս կ'առաջանայ, որ երկրի տնտեսութիւնը պիտի վերադառնայ 2014-2017 թուականներու մակարդակին եւ պիտի ընթանայ ծաղկման ուղղութեամբ»,- ըսած է Ռոհանին:

Յիշեցնենք, որ նախօրէին Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապաս Արաքժին յայտնած էր, որ Վիեննայի մէջ կայացած բանակցութիւններու հետեւանքով որոշում կայացուած է Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցային ցանկերէն շարք մը ֆիզիքական անձանց եւ ընկերութիւններու անուններ բացառել: