image

Իրանի մէջ «մեծ սխալ» որակած են Մաքրոնի՝ արեւմտեան երկիրներու դաշինք ստեղծելու կոչը

Իրանի մէջ «մեծ սխալ» որակած են Մաքրոնի՝ արեւմտեան երկիրներու դաշինք ստեղծելու կոչը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման դէմ արեւմտեան դաշինք ստեղծելու կոչը «մեծ սխալ» է։

Եթէ նման դաշինք ստեղծուի, ապա ատոր ի պատասխան՝ իսլամական երկիրները անյապաղ կը ստեղծեն սեփական դաշինք՝ ՀԱՄԱՍ-ի եւ Պաղեստինի կողմէ:

Այդ մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան յանձնաժողովի անդամ Ֆետահհոսէյն Մալեքին։

«Եթէ իսրայէլեան կողմի մէջ ստեղծուի նոր ճակատ Պաղեստինի ժողովուրդի դէմ, եւ անոր յանցագործութիւնները շարունակուին Պաղեստինի դէմ, ապա չկասկածիք, որ կը ստեղծուի նման ճակատ կամ դաշինք ՀԱՄԱՍ-ին աջակցելու համար եւ այն կը ներառէ մեծ թուով իսլամական երկիրներ՝ ինչպիսիք են Թուրքիան, Փաքիստանը եւ Եգիպտոսը»,-ըսած է Մալեքին:

Ան նաեւ «մեծ սխալ» անուանած է Մաքրոնի՝ ՀԱՄԱՍ-ի դէմ արեւմտեան երկիրներու դաշինք ստեղծելու կոչը:

Իրանցի պաշտօնեան չէ բացառած, որ Ֆրանսայի նախագահի նման հռետորաբանութիւնը պաղեստինեան շարժման նկատմամբ կրնայ կապուած ըլլալ Մաքրոնի կառավարութեան ներքին խնդիրներու հետ, ինչպիսիք են արաբական երկիրներէ գաղթականներու աճը եւ եւրոպական երկիրներու մէջ իսլամական արմատականութիւնը։

Երեքշաբթ օր Ֆրանսայի ղեկավարը այցով ժամանած էր Իսրայէլ ւգ  հանդիպած վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի եւ նախագահ Եիցհաք Հերցոկի հետ։

Նեթանիահուի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին Մաքրոնն առաջարկած էր դաշինք ստեղծել ՀԱՄԱՍ-ի դէմ պայքարելու համար։