image

Իրանի մէջ Երկրաշարժ. տուժած է շուրջ 400 մարդ. ցնցումները զգացուած են Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ

Իրանի մէջ Երկրաշարժ. տուժած է շուրջ 400 մարդ. ցնցումները զգացուած են Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ

Այս գիշեր Իրանի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով շուրջ 400 մարդ տուժած է։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Fars» գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Խոյ շրջանի իշխանութիւններուն:

«Այս պահուն տուժածներու ընդհանուր թիւը 390 է, որոնցմէ 135-ը հիւանդանոց տեղափոխուած են», - գործակալութիւնը մէջբերած է մարզի արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան յայտարարութիւնը:

Նշուած է, որ շուրջ 25 տուներ 50-100 տոկոսով վնասուած են։

Երկրաշարժէն ետք գրանցուած է մօտ 30 յետցնցում։

Նշենք, որ ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը աւելի վաղ յայտնած էր, որ 5 հոկտեմբերին` տեղական ժամանակով 04:21-ին Իրանի մէջ` Մարանտ քաղաքէն 9 քմ հարաւ-արեւմուտք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 5․5 ուժգնութեամբ երկրաշարժ գրանցուած է: Կեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 7-8 աստիճան: Երկրաշարժը զգացուած է Սիւնիքի մարզի (5-6 բալ), Վայոց Ձորի, Արարատի մարզերու (3-4 բալ), Կոտայքի մարզի, Երեւանի եւ Արցախի Հանրապետութեան Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ (3 բալ)։