Փետրուար 17-ին, տեղական ժամանակով ժամը՝ 23:33-ին (Կրինվիչի ժամանակով ժամը՝ 19:33-ին) ՀՀ ԱԻՆ Երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ արձանագրուած է հիւսիսային լայնութեան 38.52⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 44.98⁰ աշխարհագրական չափագրումներով Իրանի Խոյ քաղաքէն 3 քմ հարաւ-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 4․3 ուժգնութեամբ երկրաշարժ:
Երկրաշարժի կեդրոնային գօտիի ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 5-6 բալ:
Երկրաշարժը զգացուած է Սիւնիքի մարզի Ագարակ, Մեղրի եւ Քաջարան քաղաքներուն մէջ՝ 2-3 բալ ուժգնութեամբ: