image

Վրաստանի մէջ երկրաշարժ. ցնցումները զգացուած են նաեւ Հայաստանի մէջ

Վրաստանի մէջ երկրաշարժ. ցնցումները զգացուած են նաեւ Հայաստանի մէջ

Յուլիս 22-ին, տեղական ժամանակով ժամը 12։08-ին (Կրինիչի ժամանակով ժամը 08:08-ին) ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 41.44⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 45.95⁰ աշխարհագրական չափագրումներով՝ Վրաստան՝ Կուրճանի քաղաքէն 36 քմ հարաւ-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ 4․8 ուժգնութեամբ երկրաշարժ:

Կեդրոնական գօտիին մէջ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 6-7 աստիճան:

Երկրաշարժը զգացուած է Տաւուշի մարզի մէջ՝ 5-6 աստիճան, Լոռիի մարզի Ալավերդի, Վանաձոր քաղաքներու մէջ՝ 4 աստիճան եւ Կոտայքի մարզի Հրազդան քաղաքին մէջ՝ 3 աստիճան ուժգնութեամբ։