Իրանի մէջ 318 բուժհաստատութիւն վնասուած է ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի հարուածներուն հետեւանքով։ Այս մասին յայտնած է Շտապ բժշկական օգնութեան կազմակերպութեան ղեկավար Ճաֆար Միատֆարը։
«Վնասուած բուժհաստատութիւններէն 49-ը շտապօգնութեան կայաններ են, 186-ը՝ առաջին օգնութեան կէտեր, իսկ 40-ը՝ հիւանդանոցային համալիրներ»,– ըսած է Միատֆարը։
Ան նշած է, որ վնասուած 40 հիւանդանոցներէն 12-ը ներկայիս ամբողջութեամբ դուրս բերուած են շահագործումէ։