Իրանի հարաւ-արեւելքը` Սիստան եւ Պելուճիստան նահանգին մէջ, աւազամրրիկի պատճառով աւելի քան 1000 մարդ տեղափոխուած է հիւանդանոց: Տեղեկութիւնը յայտնած է նահանգի ճգնաժամային շտաբի գլխաւոր ղեկավար Մաճիտ Մոհեպին։
«Վերջին օրերու փոթորիկի պատճառով 1059 բնակիչ տեղափոխուած է հիւանդանոց», –ըսած է ան:
Մոհեպիի խօսքով՝ անոնցմէ 913-ը շարժուն բժշկական ծառայութեամբ բուժօգնութիւն ստացած են, 145-ը դեռ բուժկեդրոններու մէջ են:
Նշենք, որ Սիստան եւ Պելուճիստան նահանգներուն մէջ քամիի արագութիւնը հասած է 30 մ/վ-ի։
Նահանգի իշխանութիւնը բնակիչներուն խորհուրդ տուած է նախազգուշական միջոցներ ձեռնարկել, խուսափիլ անկարեւոր ուղեւորութիւններէ եւ բաց տարածքի մէջ տեղաշարժելէ: Սա յատկապէս կը վերաբերի քրոնիկ շնչառական հիւանդութիւններ ունեցող քաղաքացիներուն, երեխաներուն եւ տարեց քաղաքացիներուն: Եղանակային աղէտներու կառավարման կեդրոնի մասնագէտներու խօսքով՝ աւազամրրիկը նահանգին մէջ պիտի շարունակուի մինչեւ շաբթուան վերջ: