image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի Խորամապատ եւ Ուրմիա քաղաքներուն մէջ բնակելի շէնքեր հարուածներու ենթարկուած

Իրանի Խորամապատ եւ Ուրմիա քաղաքներուն մէջ բնակելի շէնքեր հարուածներու ենթարկուած

Իրանի արեւմտեան Խորամապատ քաղաքին մէջ բնակելի թաղամասի ռմբակոծութեան հետեւանքով առնուազն 1 երեխայ զոհուած է, քանի մը մարդ՝ վիրաւորուած։ Այս մասին հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը՝ յղում ընելով իրանական լրատուամիջոցներուն։

Բացի այդ, ըստ հրապարակման՝ Իրանի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Ուրմիա քաղաքին հասցուած օդային հարուածի հետեւանքով վնասուած են բնակելի շէնքեր։ Կարմիր մահիկի փրկարարները որոնողական աշխատանքներ կը կատարեն։

Տուժածներու մասին տեղեկութիւններ առայժմ չեն հաղորդուած։

Իսրայէլի բանակն իր հերթին յայտնած է Թեհրանը հարուածելու մասին։