Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլա Ալի Խամենէին յայտարարած է, որ «Համաս»-ը «կենդանի է եւ կենդանի պիտի մնայ»՝ հակառակ խմբաւորման առաջնորդ Եահիա Սինուարի մահուան:
Սինուարը, որ կը համարուի Իսրայէլի վրայ հոկտեմբեր 7-ի յարձակումներու հիմնական կազմակերպիչը, սպանուած է Ռաֆահի մէջ գտնուող շէնքի վրայ իսրայէլեան զօրքերու յարձակման հետեւանքով։
«Անոր կորուստը, անկասկած, ցաւալի է «Դիմադրութեան առանցք»-ի համար, սակայն այս ճակատը չի դադրեցնէր իր յառաջխաղացումը նշանաւոր գործիչներու նահատակութեամբ»,-ըսուած է Խամենէիի յայտարարութեան մէջ:
«Դիմադրութեան առանցքը», որ կ՚ապահովուի Իրանի աջակցութեամբ, կը ներառէ «Համաս»-ը, լիբանանեան «Հըզպալլա» խմբաւորումը, ինչպէս նաեւ այլ զինուած խմբաւորումներ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, որոնք յարձակած են Իսրայէլի վրայ:
«Ան դիմադրութեան եւ պայքարի փայլուն դէմքերէն էր։ Պողպատեայ վճռականութեամբ ան կեցաւ ճնշող եւ յարձակող թշնամիի դէմ»,- աւելցուցած է Խամենէին: