image

Իրանէն յորդոր շրջանի երկիրներուն՝ «Եկէք ձեռք-ձեռքի տանք»

Իրանէն յորդոր շրջանի երկիրներուն՝ «Եկէք ձեռք-ձեռքի տանք»

Իրանի բանակի հրամանատար զօրավար Ապտըլռահիմ Մուսաուի վերահաստատած է, որ երկրի ռազմական հզօրութիւնը բացառապէս պաշտպանութեան համար է, սակայն զգուշացուցած է, որ Իսլամական Հանրապետութեան պատասխանը իր շահերուն ուղղուած որեւէ սպառնալիքին պիտի չսահմանափակուի միայն երկրի սահմաններով։

Լայնածաւալ զօրավարժութիւններու աւարտին, բանակի հրամանատարը վստահեցուցած է հարեւան պետութիւններուն, որ Իրանը երբեք հաւանություն չի տար յարձակման եւ ներխուժման, քանի որ անոր ռազմական ուժն ու զօրավարժութիւնները կոչուած են պաշտպանելու իր տարածքն ու ձգտումները:

«Եթէ անոնք (թշնամիները) կը սպառնան մեր շահերուն, մենք պիտի սպառնանք անոնց շահերուն, ուր անհրաժեշտ ըլլայ։ Այնուամենայնիվ, մենք կ'ապահովենք տարածաշրջանային պետութիւններբւն եւ մեր եղբայրներուն անվտանգութիւնը եւ պատրաստ ենք պաշտպանելու մեր ազգը», ընդգծած է զինուորականը։

Դատապարտելով տարածաշրջանային դաշնակցութիւն ստեղծելու ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի փորձերը՝ զօրավար Մուսաուի ըսած է, որ այդ երկիրները իրենք են ահաբեկչութիւն ու անապահովութիւն յառաջացնողները, որոնք կը խաթարեն անվտանգութիւնը, ուր ալ որ իրենք ներկայ եղած են:

Ան պարզաբանած է, որ նման դաշնակցութիւն պիտի չստեղծուի, քանի որ այդ երկիրներուն ծրագրերը, գործունէութիւնն ու նպատակները անհամատեղելի են։

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը այս տարիներու ընթացքին ապացուցած է, որ կրնայ եռանդուն կերպով տարածաշրջանային անվտանգութեան հաստատման առանցքը ըլլալ», ըսած է հրամանատարը՝ խորհուրդ տալով տարածաշրջանի երկիրներուն ձեռք-ձեռքի տալ՝ ապահովելու տարածաշրջանային անվտանգութիւնը հաւաքական համագործակցութեան միջոցով։