image

Իրանեան աղբիւրներ կը հերքեն. Ոչ Զօր. Սուլայմանի չէ հանդիպած իսրայէլեան «Մոսատ»ի ներկայացուցիչներու հետ (Տեսանիւթ)

Իրանեան աղբիւրներ կը հերքեն. Ոչ Զօր. Սուլայմանի չէ հանդիպած իսրայէլեան «Մոսատ»ի ներկայացուցիչներու հետ (Տեսանիւթ)

Տեսանիւթին մէջ սպիտակ մօրուքով տղամարդը կը մօտենայ սեղանի մը, ուր նստած են շարք մը մարդիկ, այդ շարքին` «Քուտս» ուժերու նախկին հրամանատար Քասէմ Սուլայմանին եւ կ'ողջունէ իրենց:

 

Տեսահոլովակ մը, որ հրապարակողներուն պնդմամբ, «Քուտս» ուժերու նախկին հրամանատար, նահատակ Քասէմ Սուլայմանիի մասին «արտահոսք» եղած է, տարածուած է ընկերային ցանցերու մէջ` հանդիպման մը ժամանակ, որ հրապարակողները կը պնդեն, որ ան իսրայէլեան հետախուզութեան տարրերու հետ է:

Agence France-Presse-ը կը հաղորդէ, որ տեսանիւթը, ըստ էութեան, նախապէս հրապարակուած է իրանեան մի քանի լրատուական գործակալութիւններու մէջ, եւ ցոյց կու տայ Սուլայմանիի հանդիպումը իրանցի բեմադրիչ Նատէր Թալեպզատէի հետ:

Տեսանիւթին մէջ սպիտակ մօրուքով տղամարդը կը մօտենայ սեղանի մը, ուր նստած են շարք մը մարդիկ, այդ շարքին` «Քուտս» ուժերու նախկին հրամանատար Քասէմ Սուլայմանին եւ կ'ողջունէ իրենց:

Իսկ տեսահոլովակի մեկնաբանութիւններէն մէկուն մէջ կ'ըսուէր. «Իսրայէլի գաղտնազերծումէն յետոյ Իրանին... Սուլայմանիի հանդիպումը սիոնիստական կազմակերպութեան հետախուզութեան հետ արտահոսուած տեսանիւթ է»:

Ֆրանսական գործակալութիւնը նշած է, որ մի քանի տարրեր կասկած կը յարուցեն, որ տեսանիւթը «արտահոսք» է, քանի որ դահլիճը, ուր այն նկարահանուած է, կարծես թէ սարքաւորուած է ինչ-որ առիթով, եւ շարք մը մարդիկ կարծես նստած են առանձին սեղաններու շուրջ:

«Ֆրանս Փրես»-ը հաստատած է, որ տեսանիւթը հրապարակուած է իրանեան մի քանի գործակալութիւններու կայքերուն մէջ, ինչ որ կը վերացնէ «արտահոսքի» կասկածը:

Իրանցի գրող եւ հետազօտող Համիտ Տաուտ Ապատին աւելի վաղ գրած էր այն հանդիպման մասին, որ ինք ունեցած էր Սուլայմանիի հետ 2018 թուականին, եւ այն ժամանակ բացատրեց, որ առիթը «Oj Media Art-ի ղեկավար Էհսան Մոհամմատ Հասանիի դստեր հարսանիքն էր»:

Ապատին կը պատմէ, թէ ինչպէս Հասանին զինք նստեցուցած է նահատակ Սուլայմանիի սեղանին մօտ, ուր նստած էին նաեւ «տնօրէն Իպրահիմ Հաթամի Քիան, գրող Ճուլալի Պապային, Դիմադրութեան գրականութեան եւ արուեստի գրասենեակի ղեկավար Մորթատա Սարհանճին եւ գեղարուեստական բաժնի ղեկավար Մոհսըն Մոմենին»: