image

Իրանահայ ճարտարապետներու միութեան նորակազմ վարչութիւնը այցելած է Առաջնորդ Սրբազանին

Իրանահայ ճարտարապետներու միութեան նորակազմ վարչութիւնը  այցելած է Առաջնորդ  Սրբազանին
 Թեհրանի մէջ, Թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. Արք. Սարգսեան օրերս  ընդունած է Հայ Ճարտարապետներու եւ Ճարտարագէտներու Միութեան նորընտիր վարչութեան կազմի անդամները եւ միասնաբար քննարկած առաջիկայ քայլերը:
 
Այս մասին  «Արեւելք» կը տեղեկանայ Թեմի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Շաբաթ, 8 յուլիս 2023 թուականին, Թեմիս Առաջնորդ գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. Արք. Սարգսեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ Ճարտարապետներու եւ Ճարտարագէտներու Միութեան նորընտիր վարչութեան կազմի անդամները, որոնք եկած էին Սրբազան Հօր օրհնութիւնն ստանալու եւ խորհրդակցութիւններ կատարելու յառաջիկայ աշխատանքներուն մասին:

Սրբազան Հայրը ջերմօրէն ողջունեց ու շնորհաւորեց նորընտիր կազմը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց աշխատանքներուն միեւնոյն ժամանակ թելադրելով, որ հարկ է աշխատիլ միութեան աշխատանքներու զարգացման եւ նորարարութեան ուղղութեամբ եւ առաւել ուշադրութիւն ցուցաբերել եւ քաջալերել երիտասարդ տարրը միութենական աշխատանքներուն մէջ ներգրաւելու կապակցութեամբ: