«Քաղաքացիական պայմանագիր»ի վարչութիւնը երէկ քննարկած է նախկին պատգամաւոր Հայկ Սարգսեանի վարքագիծի հարցը, սակայն առայժմ որեւէ որոշում չէ կայացուցած։ ՔՊ-ական պատգամաւոր Յասմիկ Յակոբեանն այսօր «Ազատութեան» հետ զրոյցին չէ բացառած, որ քննարկումներու արդիւնքով կրնայ նաեւ Սարգսեանը կուսակցութենէն հեռացնելու հարց բարձրացուիլ։
«Քաղաքացիական պայմանագիր»ի վարչութեան երէկուան նիստէն ետք տարածուած հաղորդագրութեան մէջ միայն նշուած էր, որ քննարկուած են կարգապահական հարցեր։ Յակոբեանն այսօր մանրամասնած է՝ կուսակցութեան վերահսկող յանձնաժողովը զեկոյցներ ներկայացուցած է շուրջ 6-7 կուսակցականի վերաբերեալ, որոնց շարքին է նաեւ Հայկ Սարգսեանը։
«Պարոն Սարգսեանի վերաբերեալ եւս եղել է քննարկում, բայց ոչ որոշում», -ըսած է Յակոբեանը։
Անոր խօսքով՝ Սարգսեանի պարագային ամենամտահոգիչ հարցերէն մէկը կուսակցութեան բարի համբաւին վնասող վարքագիծն ու կուսակիցներու հասցէին հնչեցուցած, իրենց գնահատմամբ, զրպարտչական յայտարարութիւններն են։ Յակոբեանը յիշեցուցած է նաեւ, որ Սարգսեանը նախապէս մէկէ աւելի անգամ խիստ նկատողութիւն ստացած է կուսակցութենէն։
Հարցին՝ հնարաւո՞ր է Սարգսեանը հեռացնեն «Քաղաքացիական պայմանագիր»էն, Յակոբեանը պատասխանած է, որ նման դէպքեր նախապէս եղած են եւ նման հարց կրնայ բարձրացուիլ, սակայն վերջնական որոշման համար քննարկումները դեռ պէտք է շարունակուին։