Իրանի ազգային անվտանգութիւնն ու շահերը կարմիր գիծ են, որոնք կ'ընդգծեն երկրի հիւսիսային սահմաններուն զօրավարժութիւններու կարեւորութիւնը: Այս մասին յայտարարած է Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի ցամաքային զօրքերու հրամանատար, ջոկատային զօրավար Մոհամմատ Փաքփուրը՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանին Արաքսի շրջանի մէջ կայացած զօրավարժութիւններու ծիրէն ներս, գրած է Mehr-ը։
Զօրավարժութիւններու վերջին փուլը տեղի պիտի ունենայ Արտապիլի Մոկան թաղամասին մէջ, ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ «օրակարգի մէջ կան տարբեր զօրավարժութիւններու ծրագրեր, սակայն անոնց տեղն ու ժամանակը կախուած են տարածաշրջանի զգայունութենէն»:
«Արաքսը եւ Կովկասի տարածաշրջանը նաեւ ունին միանման զգայուն կէտեր․ երբ Ղարաբաղի շրջանը բռնագրաւուած էր, մենք զօրք ուղարկեցինք, ունեցանք զոհեր։ Բայց ես ոչ մէկ պարագայի կողմ եմ աշխարհաքաղաքական սահմանները փոխելուն»,-ըսած է ան:
«Մեր թշնամին՝ սիոնիստական ռեժիմը (Իսրայէլը), տարբեր ընկերութիւններու տեսքով, հիւսիսային սահմաններուն վրայ ռազմակայաններ կը հիմնէ հարեւան որոշ երկիրներու մէջ, եւ մենք հաստատ թոյլ չենք տար, որ այս յանցաւոր ռեժիմը կայան ունենայ մեր սահմաններուն։ Այնտեղ, ուր Իսլամական Հանրապետութիւնը վտանգ կը զգայ, հսկայական քանակութեամբ ռազմական ուժեր կ'ուղարկէ այդ տարածք եւ կը տեղակայէ այնտեղ, որ կը վկայէ իրանեան ռազմական ուժերու հզօրութեան մասին։ Մենք լրջօրէն կը վերաբերինք մեր ազգային շահերուն եւ ազգային անվտանգութեան եւ չենք ընդունիր սահմանային որեւէ փոփոխութիւն, որ կը վնասէ մեր ազգային շահերուն եւ անվտանգութեան»,- ընդգծած է ան։