image

Իրան փոխանցած է հրադադարի իր պահանջները

Իրան փոխանցած է հրադադարի իր պահանջները

Իրան ձեւակերպած է իր դիրքորոշումներն ու պահանջները՝ ի պատասխան միջնորդներու միջոցով վերջերս ներկայացուած հրադադարի առաջարկներուն։ Ինչպէս կը հաղորդէ Reuters-ը, այս մասին Ապրիլ 6-ին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էսմայիլ Պաղային՝ աւելցնելով, որ բանակցութիւնները «անհամատեղելի են վերջնագիրներու եւ պատերազմական յանցագործութիւններ գործադրելու սպառնալիքներու հետ»։

Պաղային յայտնած է, որ Թեհրան ունի շարք մը պահանջներ, որոնք հիմնուած են իր ազգային շահերուն վրայ եւ արդէն փոխանցուած են միջնորդական ուղիներով՝ աւելցնելով, որ ԱՄՆ-ի նախորդ պահանջները, ինչպէս՝ 15 կէտանոց ծրագիրը, մերժուած են «չափազանցուած» ըլլալուն պատճառով։

«Իրան չի տատանիր յստակ արտայայտելու այն, ինչ կը նկատէ իր օրինական պահանջները, եւ ասիկա պէտք չէ մեկնաբանուի որպէս փոխզիջման նշան, այլ որպէս իր դիրքորոշումները պաշտպանելու վստահութեան արտացոլում»,– ըսած է Պաղային ճեպազրոյցի ընթացքին։

Պատասխանելով լրագրողի հարցին՝ կապուած Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ հրադադար հաստատելու ջանքերուն, Պաղային ըսած է, որ իրանական կողմը մշակած է իր սեփական պատասխանները՝ խոստանալով մանրամասնութիւնները ներկայացնել յարմար ժամանակին։