image

Իրան պատրաստ է Հայաստան- Ատրպէյճան մերձեցման. Ալի Աքպար Վիլայաթի

Իրան պատրաստ է Հայաստան- Ատրպէյճան մերձեցման. Ալի Աքպար Վիլայաթի

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան առաջնորդ Ալի Խամենէիի՝ միջազգային հարցերով աւագ խորհրդականը ընդգծած է, որ Իրան միշտ ուշադիր եղած է իր հարեւաններու նկատմամբ եւ երբեք մտադրութիւն չէ ունեցած ներխուժելու կամ վերահսկելու Ատրպէյճանը։

Tasnim լրատուական գործակալութեան համար յօդուածին մէջ Ալի Աքպար Վելայաթին հերքած է Իրանի հասցէին հնչող մեղադրանքներն առ այն, թէ Իսլամական Հանրապետութիւնը ծրագրած է յարձակիլ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան վրայ կամ զաւթած իշխանութիւնը հարեւան երկրին մէջ:

Անոր խօսքով` Իրանը երբեք չէ նախանձած իր հարեւաններուն. ընդհակառակը, միշտ հաշուի նստած է անոնց հետ եւ ցանկութիւն դրսեւորած դրական յարաբերութիւններ պահպանելու բոլորի հետ:

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը հետեւողականօրէն ջանքեր գործադրած է յարաբերութիւնները բարելաւելու՝ իր հարեւաններու հետ, եւ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ որեւէ թիւրիմացութիւն վերացնելու ուղղութեամբ, ըսած է պաշտօնեան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի վաղ կանչած էր Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը՝ «հակաիրանական քարոզչութեան եւ Իսլամական Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի պաշտօնեաներու եւ լրատուամիջոցներու կողմէ զրպարտչական արշաւի պատճառով»: