Իրանի իշխանութիւնները կը ծրագրեն Պուշեհրի երկու նոր հիւլէական կայանի պլոքները օգտագործել ծովի ջուրի աղազերծիչ գործարան կառուցելու համար: 14 Օգոստոսի երեկոյեան այդ մասին հաղորդած Է Իրանի Press TV հեռուստաալիքը, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրէս»-ը:
Պուշեհրի նահանգապետ Ահմատ Մոհամատիզատէի տեղեկատւութեամբ՝ աթոմային աղազերծիչ կայանի նախագիծի փաստական իրականացումը պիտի սկսի օգոստոսի վերջը: Շինարարութեան պիտի մասնակցի նաեւ Իրանի Աթոմային ուժանիւթի կազմակերպութիւնը: Ինչպէս նշած Է հեռուստաալիքը, Պուշեհրի աթոմակայանն ընթացիկ վիճակի մէջ կրնայ արտադրել մէկ ժամուան մէջ շուրջ մէկ կիկաուաթ ելեկտրականութիւն շահագործման մէջ գտնուող մէկ հիւլէական պլոքի աշխատանքի հաշուոյն:
Ընթացիկ պահուն այդ միակ գործող Աթոմային ելեկտրակայանն Է Իրանի մէջ: Այն կառուցուած Է ռուսական կողմի օգնութեամբ: 2014 թուականին Ռուսիա եւ Իրանն ստորագրած են համաձայնագիր Պուշեհրի մէջ եւս երկու ուժանիւթի պլոքներու կառուցման շուրջ:
Ատոնք ալ, ինչպէս նշած Է Press TV-ն, կը ծրագրուի օգտագործել այդ շարքին աղազերծիչ կայանքներն ելեկրականութեամբ մատակարարելու համար: Ըստ ծրագրի՝ ատոնք պիտի կարողանան արտադրել օրական մինչեւ 150 հազար խորանարդ մեթր խմելու ջուր: