image

Իրան կը պատրաստուի Սու- 35 ձեռք բերել՝ Ռուսիայէն

Իրան կը պատրաստուի Սու- 35 ձեռք բերել՝ Ռուսիայէն

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի առաքելութիւնը յայտնած է, որ Իրան աւարտին հասցուցած է Ռուսիայէն Սուխոյ-35 ինքնաթիռներու գնման պայմանագիրը, սակայն ինքնաթիռներու քանակի եւ առաքման ժամանակի մասին տեղեկատւութիւնը գաղտնի է։

Այս մասին գրած է Mehr գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Sputnik գործակալութեան: Ըստ վերջինիս՝ ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի տեւական ներկայացուցչութիւնը յայտարարած է, որ «1988 թուականին իրանա-իրաքեան պատերազմի աւարտէն յետոյ Իրան շարք մը երկիրներէ խնդրած է ուսումնասիրել իրեն կործանիչներ վաճառելու հնարաւորութիւնը. Ռուսիան յայտարարած է, որ պատրաստ է վաճառել»: 

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի առաքելութիւնը աւելցուցած է, որ «Սուխոյ-35 կործանիչները տեխնիկապէս հաւանութեան արժանացած են Իրանի կողմէ, եւ 2020 թուականի հոկտեմբերին, երբ Իրանի նկատմամբ չեղեալ համարուած է սովորական զէնքերու գնման արգելքը՝ համաձայն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 2231 բանաձեւին, Իրան վերջապէս համաձայնած է գնել զանոնք»:

Իրանի առաքելութիւնը չէ յայտնած, թէ երբ եւ քանի կործանիչ կը մատակարարուի Իրան։

«Մանրամասնութիւնները չեն հրապարակուիր, քանի որ տեղեկատւութիւնը գաղտնի է»,- նշած է առաքելութիւնը։