Իրանը եւ Ռուսաստանը գովեստով կը մեկնաբանեն Վիեննայի մէջ միջուկային խնդիրով բանակցութիւններու վերջին փուլը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան քննարկումներու 8-րդ փուլէն յետոյ ըսած է, որ «եթէ կողմերը բարի կամք դրսեւորեն, ապա մօտ ապագային հնարաւոր պիտի ըլլայ համաձայնութիւն կայացնել»:
Այդ հնարաւորութեան շուրջ Վիեննայի բանակցութիւններուն Միացեալ Նահանգները կը մասնակցի անուղղակի եղանակով: Թեհրան կը պահանջէ, որ Ուաշինկթընը նախ չեղարկէ պատժամիջոցները:
Ռուսաստան կը նշէ, որ բանակցութիւններուն մէջ գրանցուած է «անառարկելի յառաջընթաց»: ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչի տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքին ըսած է, թէ «հիմա կան այդ պայմանագիրը վերականգնելու համար բոլոր անհրաժեշտ պայմանները»: