image

Իրան-ԱՄՆ շահերու հակասականութիւն կայ.Իրանի հոգեւոր առաջնորդ

Իրան-ԱՄՆ շահերու հակասականութիւն կայ.Իրանի հոգեւոր առաջնորդ

Պայմանները, որոնք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները առաջադրած է Իրանեան միջուկային ծրագրի շուրջ ճգնաժամի կարգաւորման վերաբերեալ Իրանի հետ բանակցութիւններու ընթացքին, կը հակասեն Իսլամական Հանրապետութեան հիմնական սկզբունքներուն։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին յայտարարած է Իրանի Գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին։

«Գլխաւոր սկզբունքը, որ մեր շահերը կը պաշտպանէ, «մենք կրնանք» սկզբունքն է։ Նոյնիսկ Օմանի միջնորդութեամբ կայացած միջուկային վերջին բանակցութիւններու ընթացքին ԱՄՆ-ի բոլոր առաջարկները ամբողջութեամբ՝ 100 առ հարիւրով, կը հակասեն այս սկզբունքին», – ընդգծած է ան՝ այաթոլլա Ռուհոլլա Խոմէյնիի մահուան 36-րդ տարելիցի առթիւ իր ելոյթին: 

Իրանի գերագոյն առաջնորդի խօսքով՝ ուրանի հարստացումէն հրաժարիլը Իրանի աթոմական արդիւնաբերութիւնը անօգուտ պիտի դարձնէ եւ երկիրը պիտի դնէ այլ երկիրներէ կախումի մէջ։

«Միջուկային արդիւնաբերութիւնը անօգուտ է, առանց ուրանի հարստացման հնարաւորութեան, որովհետեւ այդ պարագային մենք պիտի ստիպուինք ձեռքերնիս մեկնած՝ սպասել ուրիշներու, որ մեզի աթոմակայաններ կառուցեն», – ըսած է ան։

Իրան եւ ԱՄՆ, Օմանի միջնորդութեամբ, ապրիլ 12-էն ի վեր բանակցութիւններու հինգ փուլ կատարած են՝ իրանեան միջուկային ծրագրի շուրջ համաձայնութեան հասնելու նպատակով։ Մայիսի 23-ին, Հռոմի մէջ, կայացած է բանակցութիւններու վերջին փուլը, որուն վերջաւորութեան կողմերը «պայմանաւորուած են մօտ ապագային կրկին հանդիպիլ»։