image

Իրան ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւններու նոր փուլի առաջարկ ստացած է

Իրան ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւններու նոր փուլի առաջարկ ստացած է

Թեհրան առաջարկութիւն ստացած է միջուկային հարցի շուրջ ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւններու նոր փուլի վերաբերեալ եւ կը քննարկէ այն: Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպ Ապատին։

«Մենք առաջարկութիւն ստացած ենք Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններու յաջորդ փուլի մասին եւ կը քննարկենք այն», - Ղարիպ Ապատիի խօսքը մէջբերած է Իրանի պետական ​​IRIB հեռուստառադիոընկերութիւնը։

Օրերս Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին յայտարարած էր, որ Իրանի եւ ԱՄՆ-ի՝ միջուկային հարցի շուրջ բանակցութիւններու 5-րդ փուլի ամսաթիւը որոշուած ​​է, սակայն դեռ պէտք է հաստատուի, եւ ատոր մասին շուտով պիտի յայտարարուի։