ԱՄՆ փոխնախագահ, նախագահի թեկնածու Քամալա Հարիսը, հարցումներու համաձայն, առաջ անցած է նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփէն։
«Reuters» գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ipsos-ի հարցման արդիւնքները, նշած է, որ Հարիսը ստացած է ձայներու 42%-ը, իսկ Թրամփը՝ 37%-ը։
Ընդ որում դեմոկրատներու թեկնածուն հանրապետականէն առաջ անցած է առանցքային նահանգներու մէջ, ինչպիսիք են Արիզոնան, Ճորճիան, Միչիկընը, Նեւատան, Հիւսիսային Քարոլինան, Փենսիլվանիան եւ Ուիսքընսընը, ուր աւելի լարուած ընտրութիւններ կը սպասուին:
Արդիւնքներու համաձայն, հարցուածներու 4%-ը կը պաշտպանէ անկախ թեկնածու Ռոպերթ Քենետի կրտսերը: