image

Ինքնաշարժի ծանր արկած Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ. Զոհերը լիբանանցիներ են

 Ինքնաշարժի ծանր  արկած Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ. Զոհերը  լիբանանցիներ են

 Օրերս  Փղոսկրեայ Ափունքին մէջ պատահած ահաւոր արկածը ցնցած է արաբական ընկերային հարթակները: Արկածի զոհերն են երկու լիբանանցի:

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ lebanon 24 կայքէն:

Աղբիւրը նշած է թէ ինքնաշարժի արկածի երկու զոհերը լիբանանցի երիտասարդներ են՝ 19-ամեայ Ապտըլ Ալ Լաթիֆ Ժամալ Մամլուք եւ 20-ամեայ Ամիր Ահմէտ Ֆասաիյի:  

Ի դէպ այս տխուր առթիւ ափրիկեան Փղոսկրեայ Ափունք երկրի լիբանանեան համայնքը գուժած  է Մամլուքի ու Ֆասաիյի մահը, եւ նշած, որ սարսափելի արկածը տեղի ունեցած է կիրակի առաւօտեան, Պասսամ փողոցին վրայ China Mall-ի մօտ։