Օրերս Փղոսկրեայ Ափունքին մէջ պատահած ահաւոր արկածը ցնցած է արաբական ընկերային հարթակները: Արկածի զոհերն են երկու լիբանանցի:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ lebanon 24 կայքէն:
Աղբիւրը նշած է թէ ինքնաշարժի արկածի երկու զոհերը լիբանանցի երիտասարդներ են՝ 19-ամեայ Ապտըլ Ալ Լաթիֆ Ժամալ Մամլուք եւ 20-ամեայ Ամիր Ահմէտ Ֆասաիյի:
Ի դէպ այս տխուր առթիւ ափրիկեան Փղոսկրեայ Ափունք երկրի լիբանանեան համայնքը գուժած է Մամլուքի ու Ֆասաիյի մահը, եւ նշած, որ սարսափելի արկածը տեղի ունեցած է կիրակի առաւօտեան, Պասսամ փողոցին վրայ China Mall-ի մօտ։