🟠🟠🟠Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին ապա այսօր ուշագրաւ նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած է Մարոնիներու Ռահի Պատրիարքը «Պէյթ Անիա» վանական համալիր հրաւիրելով երկրի քրիստոնեայ երեսփոխանները։
Դուրսէն դիտուած ժողովը ներկայացուած է, որպէս «հոգեւոր հանդիպում», բայց խորքին մէջ այնտեղ քննարկուած պէտք է ըլլան նախագահական ընտրութեան ընդհանուր ընթացքն ու նաեւ փոխանակուած պէտք է ըլլան նախագահի թեկնածուներու անուններուն մասին կարծիքներ։ Նշեմ նաեւ, որ նիստին մասնակից դարձած են 53 քրիստոնեայ երեսփոխաններ (Խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ երեսփոխաններու թիւը 64 է)։
🟠🟠🟠Ինչ կայ Արեւելքում -2-
🟠Առաւօտեան ժամերէն ի վեր մեծ լարուածութիւն գրանցուած է Երուսաղէմի «Ալ Աքսա» գլխաւոր մզկիթի շրջապատին մէջ։ Խնդիրն այն է, որ իսրայէլացի վերաբնակցելեաներ հերթական անգամ ներխուժած են մզկիթի շրջափակ, որմէ ետք ալ բախումներ եղած են պաղեստինցիներուն հետ։ Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը միջամտելով ձերբակալած է աւելի քան պաղեստինցիներ։
🟠🟠Միւս կողմէ մեծ լարում կայ Կազզայի ճակատին վրայ, որ հարուածներու թիրախ դարձած է իսրայէլեան ուժերուն։ Իսրայէլի այս հարուածները կու գան որպէս պատասխան երէկ գիշեր Կազզայէն դէպի իսրայէլեան քաղաքներ նետուած հրթիռներուն, որուն հեղինակը «Համմաս» շարժումն է։
🟠🟠🟠Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին ապա այսօր ուշագրաւ նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած է Մարոնիներու Ռահի Պատրիարքը «Պէյթ Անիա» վանական համալիր հրաւիրելով երկրի քրիստոնեայ երեսփոխանները։
Դուրսէն դիտուած ժողովը ներկայացուած է, որպէս «հոգեւոր հանդիպում», բայց խորքին մէջ այնտեղ քննարկուած պէտք է ըլլան նախագահական ընտրութեան ընդհանուր ընթացքն ու նաեւ փոխանակուած պէտք է ըլլան նախագահի թեկնածուներու անուններուն մասին կարծիքներ։ Նշեմ նաեւ, որ նիստին մասնակից դարձած են 53 քրիստոնեայ երեսփոխաններ (Խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ երեսփոխաններու թիւը 64 է)։
🟠🟠🟠🟠Իրաքի դատական բարձրագոյն մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հասած է Դամասկոս։ Եղած այցը կը կատարուի արաբական երկիրներու կողմէ Սուրիոյ հետ նոր որակի յարաբերութիւններ կազմելու առընթեր ընթացող ճիգերու ընդհանուր ծիրին մէջ։
Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն