Երեւանի մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցած է Ախուրեան, Արաքս գետերու ջուրերու համատեղ օգտագործման Հայաստան-Թուրքիա յանձնաժողովի համատեղ նիստը։ Այս մասին յայտնած են Ջրային կոմիտէէն։
«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւններու սահմանային անցակէտում, այնուհետեւ ՏԿԵՆ «Ջրառ» ՓԲԸ-ի վարչական շէնքում տեղի ունեցաւ «Սարդարապատի կարգաւորիչի շահագործման» եւ «Ախուրեանի ջրամբարի շահագործման» մշտական գործող անդրսահմանային ջրային ռեսուրսների կառավարման հայ-թուրքական յանձնաժողովների հանդիպումը»,-ըսուած է կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ։
«Ջրառ» ՓԲԸ-ի տնօրէն Տիգրան Վարդանեանը նշած է, որ կնքուած փաստաթուղթերը կազմուած են երկուստեք շահաւէտ պայմաններով։
Նշուած է, որ հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած են շարք մը կարեւոր պայմանաւորուածութիւններ։