Սուրիոյ Տէր Զօր նահանգէն հասած լուրերը չարագուշակ են։
Սուրիոյ կանոնանական բանակի վաշտ մը յարձակման ենթարկուած է, որուն հետեւանքով ալ զոհուած են բանակի 26 զինուորներ։
Կը նշուի նաեւ, որ Սուրիոյ բանակին կողքին էր «Ալ Քուտս» անունը կրող ջոկատը, որ կը գործէ ռուսաստանեան հրամանատարութեան ներքոյ։
Ճիշդ է, որ ապահովական այս մակարդակի խլրտումները նորութիւն մը չեն, բայց եւ այնպէս վերջին օրերուն մէկէ աւելի հարթակներու վրայ սկսած է խօսք տարածուիլ «ԻԿԻԼ»ի կամ «Տահէշ»ի սուրիական դաշտ հաւանական վերադարձին մասին։
Անշուշտ այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ «Տահէշ»ի պատմութեան սեւ էջը երբեք ալ չփակուեցաւ, այլ անհասկնկալի կերպով «շրջուեցաւ» մասնաւորապէս 2017 թուականի վերջերուն ու յատկապէս Սուրիոյ բանակին տարած կարեւոր եւ համոզիչ յաղթանակներէն յետոյ։
Այդ ժամանակէն ետք մեծ թիւով արաբ վերլուծաբաններ տեղեկութիւններ շրջանառեցին` նշելով ու յայտարարելով, որ «Տահէշ» տակաւին «չէ վերջացած» ու անոր խլեակները փոխադրուած են Սուրիոյ կիսանապատային շրջան համարուող «Ալ Պատիա» շրջանը։
Մինչ ուրիշներ չափազանցութիւն կը համարէին այդ տեղեկութիւնները, անդին «Տահէշ»ի խմբակներ կ՚անցնէին ընդհատակեայ գործունէութեան փուլին ու ահա այսօր անոնք դարձեալ երեւան կու գան։
Այստեղ է նաեւ, որ կը ծագի կարեւոր հարցադրում, թէ արդեօք որո՞ւ կը ծառայէ «Տահէշ»ը եւ մասնաւորապէս այս փուլին, երբ կը կարծուէր, որ Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու փուլը արդէն իսկ մեր ետին է, անոնց հրապարակ գալը եւ նոյնիսկ «յաջող» ռազմական գործողութիւններ կատարելը ինչ-որ առումներով մեծ հարցադրումներու տեղիք կու տայ։
Հարկ է նաեւ հաշուի առնել, որ յատկապէս Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, Իտլիպի շրջակայքէն հասնելով մինչեւ քրտական զօրամիաւորումներու տակ ինկած շրջաններ եւ մինչեւ ռազմական գործողութիւններու «բնական» վայր հանդիսացող Տէր Զօր, ռազմական մեծ կուտակումներ կը կատարուին։
Զինամթերթքի եւ բանակային ուժերու կուտակումներ կը կատարեն Սուրիոյ բանակը, rուսական զօրքերը, թրքականը եւ նոյնիսկ ամերիկեան բանակի զօրագունդերը։
Ամերիկեան բանակին առընթըեր կարեւոր շեշտադրումներ ալ կան, որովհետեւ աւելի վաղ ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամբ Սուրիոյ մասին յայտարարութիւններ կատարած էր ու հաւաստած, որ իրենք կամաց-կամաց մտադիր են խաղէն քաշուիլ ու այստեղ է նաեւ, որ յստակօրէն ակներեւ կը դառնայ, որ ամերիկեան բանակի վերջին շարժումները այդքան ալ «միամիտ» շարժումներ չեն, ու շատ հաւանական է, որ անոնք կը գծեն նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի Մերձաւոր Արեւելեան գիծին նոր սահմանները։
Այստեղ է նաեւ, որ մեր մտքերուն մէջ կ՚ուրուագծուի կարեւոր հարցադրում մը, որ արդեօք «Իկիլ»ը կամ «Տահէշ»ը որեւէ կապ ունի՞ ամերիկեան վարչակարգերուն հետ: Հարցադրումը հռետորական չէ, այլ կապ ունի Սուրիոյ պատերազմի ընդհանուր օրագրութեան հետ, իսկ հարցումին պատասխանը կը թողունք մեր ընթերցողներուն։
Հիմա մէկ բան յստակ է, որ «Իկիլ» կ՚ուզէ սուրիական բեմ վերադառնալ, միշտ ալ յիշեցնելով իր գոյութեան մասին, որ տարբեր խաղերու եւ հաշիւներու հետեւանքով ալ չմտաւ պատմութեան սեւ էջերուն մէջ, այլ տակաւին կը գոյատեւէ ու կը համարուի լուրջ սպառնալիք ու մեծ խաղաքարտ բոլոր անոնց համար, որոնք կը պայքարին սուրիական հայրենիքի հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ։
Արեւելք