Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար՝ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպման մասին։
ԱԳՆ–էն յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուող հարցերու լայն շրջանակին։ Կողմերը քննարկած են այս առումով նախապէս ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը եւ միտքեր փոխանակած հետագայ հնարաւոր քայլերու շուրջ։
Նախարար՝ Միրզոյեան վերահաստատած է հայկական կողմի տեսակէտը առ այն, որ տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու ճանապարհին կարեւոր է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորումը, եւ այս շրջածիրէն ներս ընդգծած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հիմնարկի եւ փորձի օգտագործման կարեւորութիւնը՝ իր միջազգային մանտաթին համապատասխան։
ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է մարդասիրական խնդիրներու, անոնց կարգին` հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման ու հայրենադարձման եւ անհետ կորած անձերու ճակատագիրներու պարզաբանման խնդիրներու հասցէագրման կարեւորութիւնը։
Արձանագրուած է շփումները շարունակելու կողմերու պատրաստակամութիւնը: