Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումը`մեկնաբանելով «փէյճըր»ներու պայթումներն ու հարիւրաւոր մարդոց վիրաւորումը, յայտարարած է, որ Իսրայէլը կոշտ պատասխան պիտի ստանայ Լիբանանի ժողովուրդի վրայ յարձակելու համար։
«Լիբանանի իսլամական դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ գործողութիւնները յաջակցութիւն Կազայի, ինչպէս եւ նախապէս, այդ դադար չունեցող գործընթաց է։ Սակայն այն կապ չունի կոշտ պատասխանի հետ, որ թշնամին պիտի ստանայ Լիբանանի ժողովուրդի դէմ երեքշաբթի իրականացուցած ջարդի համար։ Հատուցումն անխուսափելի է», – ըսուած է շարժման յայտարարութեան մէջ։