image

«Հըզպալլա» հերքած է իր առնչութիւնը սուրիա-լիբանանեան սահմանին սուրիացի 3 զինուորի սպանութեան

«Հըզպալլա» հերքած է իր առնչութիւնը սուրիա-լիբանանեան սահմանին սուրիացի 3 զինուորի սպանութեան

Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման անդամները հերքած են իրենց մասնակցութիւնը սուրիա-լիբանանեան սահմանին երեք սուրիացի զինուորի սպանութեան, որու պատճառով Սուրիան հարուածած է Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»-ի դիրքերը։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Syria TV-ին։

«Հըզպալլա»-ի հանրային կապերու վարչութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, որուն մէջ ըսուած է. «Մենք կը կրկնենք այն, ինչ նախապէս բազմիցս յայտարարած ենք, որ «Հըզպալլա»-ն որեւէ առնչութիւն չունի սուրիական տարածքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու հետ»։

Մարտ 16-ին Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ «Հըզպալլա»-ի  անդամները դարանակալած են Հոմսի արեւմուտքը՝ Զայթա սահմանային գիւղի մօտ, ուրկէ առեւանգած են սուրիական բանակի երեք զինուորական, անոնց տարած են Լիբանանի տարածք եւ սպաննած։

Ի պատասխան ատոր՝ սուրիական բանակի հրետանին թիրախաւորած է «Հըզպալլա»-ի դիրքերը Լիբանանի սահմանին, իսկ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը մեծ ռազմական ուժեր ուղարկած է երկու երկիրներու սահման՝ անվտանգութիւնը պահպանելու եւ որեւէ նոր սպառնալիքի դէմ պայքարելու համար:

Իր հերթին, Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ լիբանանեան բանակը Կարմիր խաչի միջոցով երեք զինուորականներու դիակները յանձնած է Ճուսիա/Ալ-Քաա սահմանային անցակէտին մէջ գտնուող Սուրիոյ անվտանգութեան ծառայողներուն:

Լիբանանեան լրատուամիջոցները հաղորդած են սահմանամերձ քաղաքներէն դէպի Հըրմելի շրջան տեղահանումներու զանգուածային ալիքի մասին՝ սուրիական սահմանին յարող շրջաններու բուռն գնդակոծութիւններու հետեւանքով:

Մարտ 16-ի միջադէպը տեղի ունեցած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ սահմանային լարուածութեան սրման լոյսին տակ, ուր նախորդ ամիս բախումներ տեղի ունեցած էին սուրիական բանակի եւ երկու երկիրներու սահմանային շրջաններու մէջ բնակող թմրանիւթերու ու զէնքի մաքսանենգութեամբ զբաղող լիբանանեան խումբերու միջեւ: