image
Հրատապ լուրեր:

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի 4 անդամներ անազատութեան մէջ են

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի 4 անդամներ անազատութեան մէջ են

Հերթական շինծու քրէական գործի շրջանակներուն մէջ ձերբակալուած են ՀՅԴ ՀԵՄ-ի անդամներ Արսէն Մարտոյեանը, Գոռ Սարգսեանը, Տարօն Մանուկեանը եւ Գոռ Մաթեւոսեանը:

Իշխանութիւնները եւս մէկ յուսահատ քայլ կը կատարեն` «Դիմադրութիւն» շարժման մասնակիցներուն նկատմամբ ճնշում գործադրելու ուղղութեամբ, կը փորձեն վախցնել անոնց` ազատութենէն զրկելու միջոցով:

Մէկ անգամ եւս կը յայտարարենք, որ նման միջոցներով անհնար է ճնշել կամ կասեցնել Հայաստանի թրքացման դէմ մղուող պայքարը: Ազատութենէն զրկուած իւրաքանչիւր երիտասարդի փոխարէն հրապարակ դուրս պիտի գան տասնեակ այլ քաղաքացիներ, որոնք տէր են իրենց հայրենիքին: Շարժման յաղթական աւարտը այլեւս անխուսափելի է:

Նիւթը՝ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Դիմատետրի էջէն: