image

Հովուական այց դէպի՝ Անթալիա (Լուսանկար)

Հովուական այց դէպի՝ Անթալիա (Լուսանկար)

Օրերս հրամանաւ Պոլսոյ Ամեն. Տ. Սահակ բ. Պատրիարքին Հաթայի հոգեւոր հովիւ եւ Գաւառի հայութեան Տեսուչ Արժ. տ. Աւետիս քհնյ. Թապաշեան այցելութիւն տուած են Անթալիա եւ կատարած յաւուր պատշաճի արարողութիւններ ու պաշտամունք։

Այս մասին վերահասու կը դառնանք Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան դիմատետրեան էջէն, որ այդ մասին մասնաւորապէս կը գրէ ՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ Գաւառի Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Անթալիայի մէջ կիրակնօրեայ պաշտամունքի համար եւ մերազն հաւատացեալներուն այցելելու նպատակաւ մեկնեցաւ Անթալիա։ Իրեն կ'ընկերանար Բրկ. Արթիւր Ուր. Դպիր Պաղտասարեան։ Աշխարհամատրան Կիրակիին՝ 14 Ապրիլ 2024, Անթալիոյ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հայածէս Սուրբ Պատարագ։

Տէր Հայրը Ս. Յարութեան տօնին առթիւ ներկաներուն հաղորդեց նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ողջոյններն ու հայրական օրհնութիւնները։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ ընդհանուր Հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին յիշուեցան ներկայ հաւատացեալներու ի Քրիստոս ննջած ազգականները։ 

Ապա Տէր Հայրը կատարեց փոքրիկ Արդեմի-Արթիւրի մկրտութիւնը։ Ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այս տնօրինումին եւ Տէր Հօր ու Բրկ. Արթիւր Ուր. Դպիրի այցելութեան համար։ Տէր Հայրը նոյն երեկոյ վերադարձաւ Հաթայ, իսկ Բրկ. Արթիւր Ուր. Դպիր՝ նոյն գիշեր՝ Իսթանպուլ։