ԱՄՆ Արեւմտեան ափի Առաջնորդարանի դիւանէն վերահասու դարձանք, որ օրերս թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան մասնակից դարձած է ընդունելութեան մը Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, ուր նոյնպէս հանդիպած է Յունաց Առաջնորդին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք, այդ առթիւ Առաջնորդարանի տարածած հաղորդագրութիւնը
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ներկայ շաբթուայ սկիզբին ընդունելութեան մը մասնակցեցաւ Լոս Անճելըսի Ս. Սոֆիա յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Այսպէս, Նորին Սրբազնութիւնը ընդառաջեց Սան Ֆրանսիսքոյի Կերասիմոս Մետրապոլիտի հրաւէրին՝ իր հետ ունենալով Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Քհնյ. Թաշճեանը։
Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանի հաղորդումներով, հանդիպման ներկայ էին Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսը, այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներ, Գալիֆորնիայի ոստիկանապետ Ալեքս Վիանուեւա, Լոս Անճելըսի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Եւկենիա Պենիաթօղլու, Լոս Անճելըսի նախկին քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարակոսա, Ամերիկայի յոյն համայնքէն ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։
Հաւաքոյթի ընթացքին Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսը ներկաները ողջունելով ըսաւ, որ քրիստոնէական եկեղեցին տակաւին շատ բան ունի տալու ամերիկեան հողին՝ նախ եւ առաջ հոգեւոր իմաստով։ Իր կարգին, Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանն ալ շեշտեց միջհամայնքային ասպարէզի վրայ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։