image

Հոգեհանգստեան կարգ Ազատ գիւղի նահատակներուն համար (Լուսանկարներ)

Հոգեհանգստեան կարգ Ազատ գիւղի նահատակներուն համար (Լուսանկարներ)

Մայր Աթոռը յայտնած է, որ 22 յունուարին՝ յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ։

Մայր Աթոռի միաբանութիւնն ու ներկայ հաւատացեալները աղօթք բարձրացուցած են առ Աստուած ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան N զօրամասի ճարտարապետական սակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ բռնկած հրդեհի հետեւանքով զոհուած զինծառայողներու հոգիներու խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար։