image

Հալէպ. Միացեալ Պաշտամունք նուիրուած՝ Ապրիլեան Նահատակներուն

Հալէպ. Միացեալ Պաշտամունք նուիրուած՝ Ապրիլեան Նահատակներուն

Պաշտամունքէն ետք, ներկաները Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի գլխաւորութեամբ ուղղուեցան Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Ապրիլեան յուշակոթողը, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց։ Ոգեկոչական արարողութիւնը աւարտեցաւ «Տէրունական աղօթք»ի հաւաքական երգեցողութեամբ եւ օրհնութեամբ։

Հալէպի Հայ  Աւետարանական Բեթել եկեղեցւոյ  պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝

Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հալէպի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միացեալ ոգեկոչման պաշտամունքը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին, հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի։

Պաշտամունքը սկիզբ առաւ Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանի աղօթքով, որմէ ետք երաժշտական եւ գեղարուեստական ելոյթներով ներկայացուեցան «Ատանայի Ողբը» դաշնամուրի կատարողութեամբ Աւետիս Չիլաբոշեանի եւ ջութակի ընկերակցութեամբ Քարամ Թորոգեանի։ Գէորգ Էմինի «Մենք» քերթուածը ասմունքեց Նարօտ Սաղպազարեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Տիկ. Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի։ 

Օրուան պատգամը փոխանցեց Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան՝ հիմնուած Եսայի 42:3-ի «ծխացող պատրոյգը պիտի չմարէ» պատկերին վրայ։ Ան շեշտեց, որ թէեւ Ցեղասպանութիւնը «մոխիրներու իրականութիւն» մըն է, սակայն Աստուած այդ մոխիրներուն մէջ պահած է «կայծ մը», որով հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր կեանքը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ ներկայ մարտահրաւէրներուն՝ Սուրիոյ տնտեսական եւ ընկերային ճնշումներուն, արտագաղթին եւ ազգային անվտանգութեան հարցերուն, ընդգծելով որ յիշողութիւնը պէտք է վերածուի պատասխանատու կեանքի՝ ճշմարտութեան, արդարութեան եւ միասնականութեան մէջ։

Ապա «Տուն Իմ Հայրենի» երգը մեկնաբանեցին դաշնամուրի վրայ Էմիլ Ուազիր, Ֆլիւթի ընկերակցութեամբ Մէյրի Հէքիմեանի։

Խօսք առաւ նաեւ ՀՀ Հալէպի հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, որ յիշեցուց թէ 24 Ապրիլը ոչ միայն յիշատակի օր է, այլ նաեւ համաշխարհային զգօնութեան կոչ՝ ընդդէմ ցեղասպանութիւններու կրկնութեան, ընդգծելով միջազգային պայքարի կարեւորութիւնը եւ Հայաստանի դերակատարութիւնը այս ուղղութեամբ։

Պաշտամունքի ընթացքին ելոյթ ունեցան նաեւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի աշակերտները՝ խմբային երգով, իսկ Վանա Մարգէեան մենակատարութեամբ ներկայացուց «Տէր Ողորմեա» շարականն ու «Հայաստան Երկիր Իմ Մայր» ազգային երգը։

Պաշտամունքէն ետք, ներկաները Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի գլխաւորութեամբ ուղղուեցան Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Ապրիլեան յուշակոթողը, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց։ Ոգեկոչական արարողութիւնը աւարտեցաւ «Տէրունական աղօթք»ի հաւաքական երգեցողութեամբ եւ օրհնութեամբ։