image

Յարգանք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հայ նահատակներուն

Յարգանք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հայ նահատակներուն

Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝

‼️‼️‼️‼️Լիբանանի քաղաքացիական  պատերազմի 49-ամեակը եւ հարիւրաւոր նահատակներու արեան գնով պահպանուած լիբանանահայութիւնը 

 Երէկուան պէս կը յիշեմ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի վերջին ճակատումները։ 

 Կորուստներ, տխրագին շեշտերով եղած եղելութիւններ, աւեր, մահուան դէմ ամէնօրեայ խաղ՝ «մահախաղ», հայկական թաղամասեր, հայկական թաղամասերը անաղարտ եւ ապահով պահելու վճռակամութիւնը եւ այդ բոլորէն անդին սերունդ, որ ունեցած տարբեր դրսեւորումներ, սլացքներ ու նահանջներ ու ամենածանրը նահատակ դարձած ընկերներ ու ընկերուհիներ։

 Կը խօսիմ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մասին, որ բոլոր առումներով, բոլր հարթակներու վրայ, բոլոր ուղղութիւններով իր ծանր ազդեցութիւնները ունեցած է նաեւ հայութեան վրայ։ 

 Բոլոր տեսակի (դրականօրէն) «Կարմիր գիծեր»ը կոտրող պատերազմ մըն էր եղածը, որուն «հայկական առանցքը» ունեցաւ նաեւ դրական ու անչափ պայծառ էջեր։

 Միակամ հայութեան իր բաժին օգնութիւնը կը հասցնէր նոյնիսկ Խորհրդային Հայաստանը, որն ամէն ինչ մէկդի դնելով, «ընդունուած» կամ նոյնիսկ այդ ժամանակներուն անընդունելի համարուած քայլերով կը փութար հասնիլ վիրաւոր լիբանանահայութեան։

 Միւս կողմէ հայութիւնը հանդէս կուգար միասնակամ կեցուածքներով ու շնորհիւ այդ կեցուածքներուն Լիբանանահայութիւնը կը դառնար ճիշդի եւ ճշդապահութեան հոմանիշ ու անոր ամենատարբեր խաւերը , յաճախ ի գին մեծ զոհողութիւններու կը պահպանէին այն երկաթեայ դարպասները, որոնք այդ օրերուն կը գծէին (յաճախ արիւնով) Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան անվտանգութիւնը, անունը, փառքն ու պատիւը։ 

 Ի հարկէ վարագոյրներու ետին կային մեծ անձնուրացներ, որոնց թողած աւանդը աւելի ուշ վերածուեցաւ իսկական դպրոցի։

 Խտիր չկար այդ օրերուն ու շրջան մը առաջ արատ դարձած զատողական մօտեցումները կը մարէին յանուն միակամ հայութեան, մէկ մարդու նման պայքարող եւ արարող հայութեան, որ ցայսօր ալ օրինակ պէտք է ծառայէ բոլորիս։

 Մարդիկն էի՞ն արդեօք, գործիչներ էի՞ն միթէ, կամ ժամանակներն էին տարբեր. ի հարկէ յստակ պատասխան մը չունիմ, սակայն աւելի քան ապահով եմ, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի մեծ գեհէնէն հայութիւնը դուրս կու գար հպարտ, հաւաքական եւ ինչպէս միշտ՝ արարող։

 Այսօր այդ պատերազմի սկզբնաւորութեան վերյուշի օրն է. 13ապրիլ 1975-ին սկիզբ կ՚առնէր ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը իր կողմը թեքած «Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ»ը, որուն վերջին պատրոյգները ցաւալիօրէն չեն մարած, որուն հաւանականութեան կամ կրկնութեան մասին ցաւօք դեռ կը խօսուի, եւ որուն հետեւանքներու անդարմանալիութիւնը տակաւին կը շարունակէ իր շուքերը տարածել ամէն տեղ։

 Հայութեան թիւը նօսրացաւ, այո՛, հայութիւնը ինչպէս միւս լիբանանցիները տուժեց այո՛, բայց այդ երկրին հանդէպ սէրն ու հաւատարմութիւնը դարձան կրկնակի։

 Յուզական բաժնէն բացի, անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ նման օրհասներու պարագային հայութիւնը միշտ ալ ջատագովը պիտի դառնայ պետութեան գաղափարին, հակառակ անոր, որ ցայսօր ալ Լիբանանի պետութիւնն ու պետականութիւնը տակաւին չեն գտնուիր այն վայրին ու դիրքին, ուր պարտաւոր են ըլլալ։

Այս բոլորը թուարկելէ ետք հարկ է անշուշտ լոյսին բերել, որ այդ մահաբեր պատերազմի տուայտանքներն ու ամբողջ օրհասը պէտք է դաս ըլլային բոլոր լիբանանցիներուն համար, որ սակայն ցարդ չեն եղած ու այդ պատճառով է, որ Լիբանանի մէջ ցանկացած փուլի այդ պատերազմի ուրուականը պիտի շարունակէ հալածել բոլորը։ 

 Աւարտին յարգանքի եւ երախտիքի խօսք Լիբանանի պատերազմի ողջ ընթացքին պարտականութեան ճամբուն վրայ ինկած բոլոր նահատակներուն, զոհերուն ու հերոսներուն, որոնք իրենց ամենաթանկը՝ կեանքը տուին, որպէսզի Լիբանանահայութեան գլուխէն մազ անգամ չպակսի։

Յարգանք անոնց։

Հասկացողաց բարեւ։