image

«Հռոմի ստատուտ»ն իրական ներուժ ունի կանխելու հետագայ մագլցումը․ Միրզոյեան՝ Հայաստանի անդամակցութեան նուիրուած պաշտօնական միջոցառման

«Հռոմի ստատուտ»ն իրական ներուժ ունի կանխելու հետագայ մագլցումը․ Միրզոյեան՝ Հայաստանի անդամակցութեան նուիրուած պաշտօնական միջոցառման

«Հռոմի ստատուտ»ը, ի թիւս այլ մեխանիզմներու, իրական ներուժ ունի կանխելու հետագայ մագլցումը եւ ոճրագործութիւնները: Այդ մասին փետրուար 8-ին Միջազգային քրէական դատարանին մէջ (ՄՔԴ) Հայաստանի անդամակցութեան նուիրուած պաշտօնական միջոցառման յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։

«Ցաւօք, մեր տարածաշրջանում մենք բախեուցինք ոչ միայն հիմնախնդիրը խաղաղ ճանապարհով լուծելու կամքի բացարձակ բացակայութեան, այլ նաեւ պատերազմ, ատելութիւն եւ ահաբեկչութիւն տարածելու ակնյայտ մտադրութեան: ՀՀ-ի դէմ շարունակուող ագրեսիաները եւ մեր ինքնիշխան տարածքների օկուպացիան, հայերի դէմ իրագործած սարսափելի ոճրագործութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի էթնիկ զտումը, որոնց հետեւանքով աւելի քան 100 000 հայեր ստիպուած են եղել փախչել իրենց տներից՝ ապաստան գտնելու Հայաստանում, ունեցել են աղէտալի հումանիտար հետեւանքներ եւ շարունակում են անմիջական վտանգ ներկայացնել մեր տարածաշրջանի համար։ Այս համատեքստում մենք համոզուած ենք, որ Հռոմի ստատուտը, ի թիւս այլ մեխանիզմների, իրական ներուժ ունի կանխելու հետագայ էսկալացիան եւ ոճրագործութիւնները՝ դառնալով մեր տարածաշրջանում կայունութեան եւ կայուն խաղաղութեան ուղենիշ»,-ըսած է Միրզոյեանը։

Յիշեցնենք, որ 2023-ի հոկտեմբերին Հայաստանի Ազգային ժողովը վաւերացուցած էր Միջազգային քրէական դատարանի կանոնադրութիւնը՝ «Հռոմի ստատուտ»ը։ Փետրուար 1-ին «Հռոմի ստատուտ»ն ուժի մէջ մտած է Հայաստանի համար։