image

Հռոմի Պապը դրուատական խօսքեր ըսած է Ռուսիոյ մասին

Հռոմի Պապը դրուատական խօսքեր ըսած է Ռուսիոյ մասին

Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ անդրադարձած է ռուս-ուքրանական պատերազմին եւ անոր վերջ տալու համար Վատիկանի գործադրած ջանքերուն:

Ինչպէս գրած է vaticannews.va-ն, սրբազան Պապը պատմած է, որ պատերազմը սկսելէն մէկ օր ետք գացած է Ռուսիոյ դեսպանատուն՝ խօսելու դեսպանի հետ, որ, ըստ հովուապետի, «լաւ մարդ է»:

«Ես անոր ըսի, որ պատրաստ եմ երթալու Մոսկուա Փութինի (ՌԴ նախագահ-Խմբ.) հետ խօսելու, եթէ ատոր կարիքը ըլլայ։ Լաւրով (ՌԴ ԱԳ նախարար -Խմբ.) շատ քաղաքավար կերպով պատասխանեց. «Շնորհակալութիւն, բայց այս պահուն անհրաժեշտութիւն չկայ»», - վերյիշած է Հռոմի պապը:

Անոր խօսքով՝ այդ ժամանակէն ի վեր երկու անգամ հեռախօսով խօսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ, յետոյ մի քանի անգամ՝ դեսպանի հետ։

Շարունակելով պատերազմի թեման՝ Հռոմի պապը ըսած է, որ «դաժանութիւնը ռուս ժողովուրդէն չի գար, քանի ռուս ժողովուրդը մեծ ժողովուրդ է»:

«Դաժանութիւնը վարձկաններէն է, զինուորներէն, որոնք պատերազմի կ'երթան որպէս արկածախնդրութիւն,... Ես կը նախընտրեմ այսպէս մտածել, որովհետեւ ես բարձր կը գնահատեմ ռուս ժողովրդը, ռուսական մարդասիրութիւնը: Պարզապէս մտածեցէք Տոսթոեւսքիի մասին, որ մինչ օրս կ'ոգեշնչէ մեզի, կ'ոգեշնչէ քրիստոնեաներուն մտածել քրիստոնեութեան մասին:

Ես մեծ ջերմութեամբ կը վերաբերիմ ռուս ժողովուրդին եւ նաեւ ուքրանացիներուն: Երբ տասնմէկ տարեկան էի առիթը ունեցայ սպասաւորուելու Ուքրանացի քահանայի մը պատարագներուն, որ ինծի սորվեցուց ուքրաներէն աղօթքներ, եւ այս բոլոր երգերը ես գիտեմ ուքրաներէն լեզուով, որովհետեւ ես անոնք սորվեցայ երեխայ ժամանակ: Այնպէս որ, ես շատ մեծ սիրով կը վերաբերիմ ուքրանական պատարագին: Ես երկու ժողովուրդներու մէջ եմ, որոնց կը սիրեմ», -ըսած է Հռոմի պապը։