image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ տակաւին չէ մեկնաբանած Թրամփի խօսքերը միջուկային փորձարկումներու մասին. Փեսքով

ԱՄՆ տակաւին չէ մեկնաբանած Թրամփի խօսքերը միջուկային փորձարկումներու մասին. Փեսքով

Մոսկուան դեռ Ուաշինկթընէն պարզաբանումներ չէ ստացած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ միջուկային փորձարկումներու մասին յայտարարութիւններու վերաբերեալ, ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։

Թրամփ նախապէս յայտարարած էր, որ Փենթակոնին յանձնարարած է անյապաղ վերսկսիլ միջուկային զէնքի փորձարկումները՝ յղում ընելով այն փաստին, որ որոշ այլ երկիրներ արդէն փորձեր կ՚ընեն: Ան չէ մանրամասնած, թէ ինչ փորձարկումներու մասին է խօսքը, կամ արդեօք այդ կը ներառէ միջուկային մարտագլխիկներու պայթեցում:

Փեսքովն ընդգծած է, որ ո՛չ Ռուսիան, ո՛չ ալ Չինաստանը չեն վերսկսած որեւէ միջուկային փորձարկում եւ հաւատարիմ են այս ոլորտին մէջ իրենց պարտաւորութիւններուն։ Ան նշած է, որ Մոսկուան կը սպասէ Ուաշինկթընի պարզաբանման։