Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր կայուն, յայտնած է Վատիկանի մամուլի ծառայութիւնը:
Երեկոյեան ան ենթարկուած է շերտագրութեան՝ երկկողմանի թոքաբորբի ռատիոախտորոշման վերահսկողութեան համար։ Առողջական պատկերը կը շարունակէ բարդ մնալ:
Քահանայապետը հիւանդանոց տեղափոխուած էր փետրուար 14-ին՝ շնչուղիներու բորբոքումով: Այժմ անոր մօտ ախտորոշուած է երկկողմանի թոքաբորբ: Պապի մօտ նկատուած են նաեւ երիկամային անբաւարարութեան նշաններ: