Սոթքի մարտերուն ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած Նարեկ Պօղոսեան վիրաբուժական բարդ գործողութիւն մը անցուցած է։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է ՀՀ ՊՆ-ի բանբերը։ Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Նարեկ Պօղոսեանի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր։
Յիշեցնենք, որ երէկ Սոթքի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ եղած սադրանքին հետեւանքով հայկական կողմը տուած էր 3 զոհ ու 2 վիրաւոր։