image

Հրազդանի մէջ. Տարեց կինը ինքնզինք հրկիզած է

Հրազդանի մէջ. Տարեց  կինը ինքնզինք հրկիզած է

13 Մարտին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Կոտայքի մարզին մէջ: 86-ամեայ տարեց  կինը ինքնզինք հրկիզած է:

Ժամը 18:20-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան 9-11 Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Հրազդան քաղաքի Ջրառատ թաղամասի տուներէն մէկու բակին մէջ քաղաքացի մը կ'այրի:

Ինչպէս յայտնած է shamshyan.com-ը, դէպքի վայր ժամանած հրշէջ փրկարարներն ու պարեկները՝ քաղաքացիներու օգնութեամբ, կիսաայրած վիճակի մէջ Հրազդանի շտապօգնութեան մեքենային մօտեցուցած են Կոտայքի մարզի բնակիչ 86-ամեայ Ռիփսիկ Գ.-ին, որ նախ տեղափոխուած է «Հրազդան» բժշկական կեդրոն, ուր առաջին բուժօգնութիւն ստացած է, ապա շտապօգնութեան մեքենայով տեղափոխուած է Երեւանի Այրուացքաբանութեան ազգային կեդրոն:

Դէպքի փաստով քննչական վարչութենէն ներս նախաձեռնուած է վարոյթ: