image
Հրատապ լուրեր:

Նոր մանրամասնութիւններ Հրազդանի մէջ պատահած անձնասպանութեան դէպքին մասին. Զոհը 40-ամեայ Սուզաննա Պօղոսեանն էր

Նոր մանրամասնութիւններ Հրազդանի մէջ պատահած անձնասպանութեան դէպքին մասին. Զոհը 40-ամեայ Սուզաննա Պօղոսեանն էր

Օրեր առաջ ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Հրազդան քաղաքին մէջ: Կախուելու միջոցով ինքնասպանութիւն գործած է Հրազդանի յայտնի հրուշակագործ, «Միլի տորթեր» ապրանքանիշի հիմնադիր 40-ամեայ Սուզաննա Պօղոսեանը։

Յայտնի դարձած էր, որ 40-ամեայ հրուշակագործին կախուելուն մէջ կը կասկածուի հարազատ եղբայրը, որ նաեւ այս պահուն հետախուզման մէջ է։ Նշուած էր նաեւ, որ պատճառը դաւաճանութիւնն է։

«Ամուսնուն մի քանի անգամ դաւաճանել է, դրա համար եղբայրը սպանել է։ Սուզին նաեւ մայրական իրաւունքից է զրկուած եղել»,- յայտնած էր զրուցակից մը։

Աւելի ուշ սակայն, Սուզաննա Պօղոսեանի ընտանիքի անդամները կապ հաստատած են աղբիւրին հետ՝ հերքելով, որ եղբայրը սպաննած է հրուշակագործը։ Անոնց խօսքով՝ Սուզաննա Պօղոսեանի եղբայրը հետախուզման մէջ չէ եւ այժմ ընտանիքի կողքին է։

Դէպքին հետ մանրամասնութիւններ ճշդելու նպատակով աղբիւրը զրուցած է Ջրառատի միջնակարգ դպրոցի տնօրէն, հրուշակագործի համագիւղացի Սաթենիկ Մուրադեանին հետ։ 

«Ես իրենից տորթեր պատուիրել եմ, բայց դէպքի հանգամանքերի մասին շատ տարբեր խօսակցութիւններ են պտտուում գիւղում։ Մեր գիւղի աղջիկ է եղել, երբեք չեմ պատկերացրել, որ կարող է ինքնասպանութիւն գործել։ Գիտեմ, որ աղջիկը շատ ծանր վիճակում տեղափոխուել է հիւանդանոց, դեղերի մեծ չափաբաժին է օգտագործել։ Ասում են, որ հենց աղջիկն է մօրը կախուած յայտնաբերել»,- պատմած է ան։

ՀՀ քննչական կոմիտէէն յայտնած են, որ դէպքի փաստով այս պահուն նորութիւններ չկան։ 

 

Լուրը՝ «Օրագիր Նիւզ» էն