image

Հրաւէրովը՝ Թեմակալ Առաջնորդին. Հալէպի միութեանց ներկայացուցիչներու հանդիպում-հաւաք

Հրաւէրովը՝ Թեմակալ Առաջնորդին. Հալէպի միութեանց ներկայացուցիչներու  հանդիպում-հաւաք

Սուրիոյ մէջ ընթացող զարգացումներուն զուգահեռ Հալէպի մէջ  տեղի ունեցած է հանդիպում, որուն մասնակցած են  համայնքի  միութեանց ներկայացուցիչները։

 Ատոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի պաշտօնական  էջէն։

Ստորեւ  լրատւութիւնը՝ 

Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2024-ին, մասնակցութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան, հայկական երեք կազմակերպութիւններու եւ բարեսիրական երկու միութիւններու (ՀԲԸՄ եւ ՍՕԽ) ներկայացուցիչներուն հանդիպում մը կայացաւ։

Հանդիպման գլխաւոր օրակարգն էր՝ Հալէպի հայ համայնքի իրավիճակին քննութիւնը եւ ստեղծուած կացութեան մէջ թէ՛ համայնքային աշխատանքները համակարգելու, թէ՛ համայնքի զաւակներուն օգտակար դառնալու հնարաւոր միջոցներու որոնումը։

Մասնակցողները հաստատեցին աշխատանքներու համադրման կարեւորութիւնը, միասնական կեցուածք որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը եւ ինչպէս միշտ համայնքին տէր դառնալու հրամայականին ընդառաջումը։

Այս հանդիպումները հերթական բնոյթ պիտի ունենան։