«Հայկական Քարիթաս բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան գումարած առցանց Համաժողովին ընթացքին, Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպիսկոպոս Նորատունկեան միաձայնութեամբ ընտրուած է կազմակերպութեան նոր նախագահ: Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առթիւ հրապարակուած պաշտօնական յայտարարութիւնը.
«Յոյժ սիրելի՛ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներ եւ հայ հասարակութիւն,
Մեծ ուրախութեամբ եւ հոգեւոր բերկրանքով կու գանք ձեզի փոխանցելու սոյն բարի լուրը.
2026-ի մայիս 21-ին, առցանց դրութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայկական Քարիթաս բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան Համաժողովը: Ժողովի անդամները, համաձայն Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագիրքին եւ ՀՀ օրէնսդրութեան, «Հայկական Քարիթաս-ի նոր նախագահ ընտրեցին Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպիսկոպոս Նորատունկեանը: Այս ընտրութեամբ, Արհ. Տ. Գէորգ Նորատունկեան օրինաւորապէս ստանձնեց «Հայկական Քարիթաս-ի նախագահութիւնը եւ այսուհետեւ պիտի ղեկավարէ բարեսիրական կազմակերպութեան գործունէութիւնը՝ իր՝ որպէս Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդի պարտականութիւններուն կողքին:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Առաջնորդ Հայրը՝ եկեղեցական կանոններով իրեն վերապահուած այս պաշտօնի ստանձնման առիթով՝ աղօթելով, որպէսզի Ամենակալ Տէրը անոր շնորհէ առաւել մեծ իմաստութիւն՝ առաջնորդելու «Հայկական Քարիթաս-ի բարեսիրական գործունէութիւնը, որպէս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընկերային առաքելութիւններու կազմակերպուած արտայայտութիւն՝ ի բարօրութիւն մեր սիրելի հայ ժողովուրդին եւ ի փառս Աստուծոյ»: