«Հայաստան» դաշինքը մայիս 31-ին՝ ժամը 17:00-ին, հանրահաւաք պիտի կայացնէ Ազատութեան հրապարակին մէջ։
Այս մասին նշուած է դաշինքի դիմատետրի պաշտօնական էջին։
«Յարգելի հայրենակիցներ, մեր երկիրը կանգնած է կարեւոր ընտրութեան առաջ։ Այսօր, առաւել քան երբեւէ, կարեւոր է իւրաքանչիւրի մասնակցութիւնը։ Մայիս 31-ին մենք պէտք է ցոյց տանք, որ Հայաստանում կայ միաւորուած, արժանապատիւ ու չլռող հասարակութիւն։ Միացի՛ր։ Միասին տէր կանգնենք մեր երկրին»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։