Դամասկոսի «Ալ Մուասաթ» հիւանդանոցի տնօրէն Իսամ Ամին նշած է, որ 12-14 Հոկտեմբերի ժամանակահատուածին արձանագրուած է «Սեւ սունկ»ի 10 պարագայ:
Ամինը բացատրած է, որ վարակներու մակարդակը «բարձր է», նշելով որ «Սեւ սունկի հիւանդութիւնը վտանգաւոր է եւ անոր մահացութեան տոկոսը կը կազմէ աւելի քան 50%»:
Ան մատնանշեց, որ «մինչեւ «Քորոնա» ժահրը տարեկան կ'արձանագրուէր մէկ կամ երկու «Սեւ սունկ»ի դէպք: Նախորդ ալիքներու ընթացքին, օրինակ ՝ երրորդին, այդ հասած է 9 դէպքի», շեշտելով, որ «Քորոնա»ի նախորդ ալիքներուն ժամանակ արձանագրուած են այս հիւանդութեամբ մահացութիւններ:
Ամին ըսած է, որ ««Սեւ սունկ»ը վարակիչ չէ եւ կը հարուածէ տկար դիմադրողականութիւն ունեցող եւ «Քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդներու»:
«Սեւ սունկ» հիւանդութեան ախտանիշներէն է մաշկի մթագնութիւն կամ քիթի մաշկի գոյնի փոփոխութիւն, կարճատեսութիւն կամ կրկնակի տեսողութիւն, կրծքաւանդակի ցաւ, շնչառութեան դժուարութիւններ եւ արիւնախառն հազ: