image

Հրանդ Տինքի սպանութեան գործ. Դարձեալ դէպի Վճռաբեկ Ատեան

Հրանդ Տինքի սպանութեան գործ. Դարձեալ դէպի  Վճռաբեկ Ատեան

Տինք ընտանիքի փաստաբանները ոճիրին մասին Պոլսոյ 14րդ եղեռնադատ ատեանիը վճիռը արձակելէն ետք ծաւալուն աղերսագիրով մը իրենց առարկութիւնը ներկայացուցած էին դատական իշխանութիւններուն։

Իրաւապաշտպաններ Հաքան Պաքըրճըօղլու, Պահրի Պելեն եւ Հիւլյա Տեւեճի 19 էջնոց առարկութեան մէջ հակազդած էին կարգ մը ամբաստանեալներու անտեղի անպարտ հռչակումին եւ ընդհանրապէս դատական գործընթացի սխալ ընթանալուն։ Այդ առարկութիւնը քննարկող Պոլսոյ Շրջանային դատարանը 5 Մայիսին տուած իր որոշումով մերժեց փաստաբաններու առարկութիւնը։ Ապա Տինք ընտանիքի իրաւապաշտպանները շատ աւելի բովանդակալից թղթածրարով մը մէկ առ մէկ նշեցին դատավարութեան թերացումները։

Փաստաբանները դիտել տուին, որ բոլորովին անտեսուեցան դէպի ոճիր երկարող գործընթացի հիմնական փուլերը եւ շեշտեցին, թէ, հակառակ Տինքի ընտանիքին ներկայացուցած պահանջներուն, Հրանդ Տինքը թիրախի վերածող գործընթացի գլխաւոր դերակատարներէն՝ Վելի Քիւչիւք, Քեմալ Քերինչսիզ եւ Օքթայ Եըլտըրըմ, դիտումնաւոր կերպով զերծ պահուեցան դատական գործընթացէն։

Այժմ հարցը փոխանցուած է Վճռաբեկ ատեան, որուն պատասխանը ճակատագրական կրնայ ըլլալ դատական ընթացքի յառաջիկայ զարգացումներուն համար։

 

Լուրը՝ «Ակօս»էն։