10 տարի առաջ` 2007 թուականի 19 յունուարին սպանուած պոլսահայ լրագրող, «Ակօս»ի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի անունով անտառ տնկուած է Լոռիի մարզի Մարգահովիտ համայնքի մատոյցներուն: Այնտեղ Տինքի տարիքի չափ ծառ կայ`53: Նախաձեռնութեան հեղինակը բնապահպանական ծրագիրներ իրականացնող «Էյ –Թի Փի» ընկերութիւնն է:
Ամէն տարի կը տնկուի մէկ նոր ծառ:
Այս տարի նոր ծառը տնկած է Տինքի այրին` Ռաքէլ Տինքը. «Անտառի մասին տեղեկացած էի, բայց առաջին անգամ այնտեղ եղայ եւ շատ ազդուեցայ: Ուրախ եմ, որ Հայաստանի մէջ նման աշխատանքներ կը կատարուին»,- ըսած է Ռաքէլ: